ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
DOI-:
https://doi.org/10.52027/18294685-sam2023.spԲանալի բառեր-:
Աստուածաշունչ, գրահրատարակչական առաքելութիւնԱմփոփում
Այս զեկոյցը ինքնին ընդհանուր ներածական մըն է Կաթո
ղիկոսութեան «գրահրատարակչական առաքելութեան» պատ
մական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զի
րար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը բաղկանայ՝ սկզբնաւորու
թիւն, բաժանմունքներ (յաջորդաբար կը նկարագրեմ գիրին ու
գիրքին աղերսուած մշակութային գլխաւոր հաստատութիւննե
րը), արդիւնքներ, հրատարակչական հիմնադրամներ եւ մեր
կատարելիքները: Թեմերը եւս իրենց հրատարակչական աշ
խատանքները Կաթողիկոսարանի առաքելութեան նո՛յն ոգիով
իրականացնող կառոյցներ են, որոնք սակայն այս գիտաժողովի
զեկոյցին եւ քննարկման առարկաները չեն:
Այս նիւթին աղերսուած լայն տեղեկութիւններ կարելի է
քաղել Կաթողիկոսութեան ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթէն, իսկ վեր
լուծական բնոյթի ամփոփումներ գտնել յատկապէս Արամ Ա.
Վեհափառ Հայրապետի 25-ամեայ գահակալութեան նուիրուած
ծաւալուն հատորի էջերուն մէջ:
