Հայկական տպագրութիւնը եւ հայ պարբերական մամուլը Նիկոմիդիոյ անկախ գաւառին մէջ (համառօտ ակնարկ)
DOI-:
https://doi.org/10.52027/18294685-mmh2023.spԲանալի բառեր-:
հայ պարբերական մամուլ, Նիկոմիդիոյ անկախ գաւառ, Արմաշի Վանքի տպարան, Պարտիզակ, ԱտաբազարԱմփոփում
Օսմանեան կայսրութեան Նիկոմիդիոյ գաւառը հայկական տպագրութեան եւ հայ պարբերական մամուլի կարեւոր կեդրոններէն մէկը եղած է։ Գաւառի գլխաւոր չորս աւաններ ունեցած են հայկական տպագրութիւն: Նիկոմիդիա քաղաքին մէջ գործած են երկու հայկական տպարաններ, բայց այս տպարաններէն հայերէն գիրքեր լոյս չեն տեսած, այլ միայն հինգ թերթեր։
Արմաշի Չարխափան Ս. Աստուածածնի նշանաւոր վանքին տպարանը հիմնուած է 1863-ին ու հրատարակած է կրօնական, դաստիարակչական, գրական եւ պատմական աւելի քան 15 գիրքեր։ Հոն հրատարակուած է նաեւ «Յոյս» ամսագիրը։ Պարտիզակի մէջ լոյս տեսած են աւելի քան 15 հայերէն
թերթեր։ Ատափազարը եւս ունեցած է իր տպարանները, ուր տպուած են տասնեակ մը գիրքեր ու դասագիրքեր, նաեւ քանի մը թերթեր ու հանդէսներ։
